
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ արձանագրեցին մեծ յաղթանակներ:

«Նու Քամփ»-ի մէջ Պարսելոնա աւելի քան 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 4-0 արդիւնքով յաղթեց Կրանատայի: Լիոնել Մեսսի հեթրիք մը իրագործեց (8-րդ, 14-րդ եւ 58-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Նէյմար (83-րդ):
Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ, իր նոր մարզիչին` Զինետին Զիտանի հետ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ, երբ «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ, աւելի քան 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Տեփորթիւօ Քորունան: Կերըթ Պէյլ հեթրիք մը իրագործեց (23-րդ, 49-րդ եւ 63-րդ), մինչ Քարիմ Պենզեմա նշանակեց 2 կոլ (15-րդ եւ 90-րդ):