
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) հիւրը եղաւ Լուէյզիի:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ` Լուէյզիի դէմ 74-70 արդիւնքով (20-19, 35-34, 55-55 եւ 70-74):
Ինչպէս նկատելի է քորթըրներուն արդիւնքներէն, մրցումը եղաւ շատ հաւասարակշռուած եւ մինչեւ մրցումին վերջին վայրկեանը անորոշ էր, թէ ո՛ր խումբը, պիտի ըլլայ օրուան յաղթականը:
Պէտք է ըսել, որ Լուէյզի բաւական լաւ խումբ մը պատրաստած է եւ կրնայ իր տպաւորիչ մրցումներուն շարքը շարունակել:
Սակայն ՀՄԸՄ վերջին վայրկեանին բաւական մեծ ճնշում բանեցնելով իր մրցակիցին վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Հոս տեղին է նշել, որ առաջին երկու քորթըրներուն երկու կազմերն ալ շատ արագ կը կատարէին իրենց մրցումը եւ իրենց արագութեան պատճառով երբեմն իրենց հարուածները կը վրիպէին կողովէն:
Սակայն ՀՄԸՄ հետզհետէ ինքզինք վերագտնելով կրցաւ յաղթական վերադառնալ Ժունիէէն:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ անոնց նշանակած կէտերը.
Նորվել Փել (39′ 49″, 5 կէտ, 14 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (31′ 58″, 11 կէտ, 5 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (37′ 19″, 12 կէտ, 7 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (33′ 11″, 16 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (17′ 30″, 9 կէտ, 2 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ), Պատիհ Սուէյտ (1′ 47″, 3 ռիպաունտ), եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 22″, 21 կէտ, 10 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ):
Լուէյզիէն Օրիեն Կրին (36′ 26″) նշանակեց 25 կէտ, 10 ռիպաունտ, 4 թրի փոյնթ:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ մրցում մը, որուն ընթացքին Հուփս, որ հիւրընկալեց Ռիատին, 92-69 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Հայտար (18 կէտ)` Ռիատիէն:
3-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Ժիպէյլի մէջ, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Մութթահետը: