Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը կը մրցի Պիպլոսի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ուղղուիլ մարզադաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի փոխադրեն մարզադաշտ: Ժամը ճիշդ 13:00-ին, փոխադրակառքերը Պուրճ Համուտէն եւ Ֆանարէն պիտի ուղղուին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: