
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կատարեց 2015-ի մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն, որոնք թէ՛ տեղական, թէ՛ ալ միջազգային գետնի վրայ տիտղոսներու կամ մետալներու տիրացան:
Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, յայտնեց, որ հետզհետէ այս մարզին մէջ յառաջխաղացք կ՛արձանագրուի եւ թենիսի մրցաշարքերուն մասնակցողներուն թիւը կ՛աճի:
Ան շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ հովանաւորող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզական մամուլի ներկայացուցիչներուն, որոնք մի՛շտ ֆետերասիոնին գործունէութեան կ՛անդրադառնան տարուան ամբողջ տեւողութեան: