Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ մայիսի վերջը եւ յունիսի սկիզբը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կրեն բարեգործական բնոյթ:
Նշենք, որ յառաջիկայ մարտին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պիելոռուսիան` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին: