ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 17-24 յունուարին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի պիտի ունենայ 17 տարեկանէն վար տղոց ֆութպոլի զարգացման բաժակի մրցաշարքը, որուն առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստան:
Արթուր Ոսկանեանի գլխաւորած հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Լիթուանիան եւ Իսրայէլը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 12-րդ անգամ ըլլալով` կազմակերպութեամբ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին: