Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը յստակացուց, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Լա Ռեփուպլիքա»` աւելցնելով, որ 37 տարեկան գերմանացին, մերժած է ընդունիլ Չինաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն իրեն եկած առաջարկները: