
ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ կազմակերպութեամբ ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքը հեռացուեցաւ իր վարած պաշտօնէն:
Սեպտեմբեր 2015-ին ան ազատ կացուցուեցաւ իր պարտականութիւնները կատարելէ` Մոնտիալի մրցումներու տոմսերու հետ կապուած զեղծարարութիւններու պատճառով:
8 հոկտեմբերին ան 90 օրով զրկուեցաւ ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն, իսկ 6 յունուար 2016-ին այդ որոշումը երկարաձգուեցաւ 45 օրով:
ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել Մարքուս Քաթնըր: