
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած տասը ճակատումներուն ընթացքին հիւրընկալ բոլոր խումբերն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, բացի Սաքրամենթօ Քինկզէն, որ 109-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Օրլինզէն:
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Տեմարքիւս Քուսինս այս մրցումին ամէնէն շատ կէտը (32) նշանակեց:
Օքլահոմա Սիթի 108-89 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 29 կէտ:
Թէեւ Սթեֆըն Քարի ի նպաստ իր կազմին նշանակեց 38 կէտ, սակայն անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 112-110 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն:
Նիւ Եորք Նիքս 110-104 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրուքլին Նեթցի դաշտին վրայ, հակառակ անոր որ խումբին մարզիկներէն Տերիք Ուիլիըմզ նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Շարլոթ Հոռնեթց – Աթլանթա Հոքս | 107-84 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս | 106-101 |
| Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս | 110-104 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 103-94 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Վուլվզ | 107-104 |
| Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս | 108-89 |
| Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 112-110 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ | 99-85 |
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Օրլինզ | 97-109 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ | 104-90 |
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ


