Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ երէկ աւարտեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Զաւէն Անդրէասեան, որ յաղթեց Յովիկ Հայրապետեանին այժմ կը հանդիսանայ յառաջատարը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2.5 կէտ: 2-ական կէտ ունին Արման Փաշիկեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, 3 կէտով առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մարիա Գէորգեան, որ երէկ յաղթեց Աննա Սարգսեանին:
Սուսաննա Գաբոյեան եւ Արփինէ Գրիգորեան ունին 2-ական կէտ: