
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Ժիպէյլի մէջ Մութթահետ Թրիփոլի հիւրը եղաւ Պիպլոսի:
Պիպլոս, որ տարեշրջանը սկսած էր յաղթանակով, երբ կէտի մը տարբերութեամբ` 69-68 արդիւնքով յաղթած էր Լուէյզիի, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 105-100 արդիւնքով (19-26, 39-56, 65-84 եւ 100-105):
Նշենք, որ Պիպլոսին առաջին յաղթողը հանդիսացած էր ՀՄԸՄ:
Մրցումը պահ մը ընդհատուեցաւ, երբ օրուան իրաւարարներէն Մարուան Էկօ դուրս եկաւ դաշտէն: Սակայն շուրջ տասը վայրկեան ետք մրցումը շարունակուեցաւ:
Տեղի ունեցաւ այլ դէպք մըն ալ, երբ Պիպլոսի մարզիչ Նենատ Վուքինիչ դաշտէն վտարուեցաւ` իր ոչ մարզավայել արարքին համար:
Մութթահետի եւ մրցումին աստղերը հանդիսացան Թերի Ռէյշուըն եւ Մայք Թէյլըր, որոնք յաջորդաբար նշանակեցին 41 եւ 40 կէտ:
Իսկ Պիպլոսէն 28 կէտ նշանակեց Սթիւըն Պըրթ, մինչ անոր խմբակից Ճէյ Եանկպլատ բաւականացաւ 8 կէտով:
Այսպիսով, Մութթահետ, որ պարտութեամբ սկսած էր տարեշրջանը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
Այսօր` չորեքշաբթի, որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: