Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը մտադիր է յառաջիկայ ամրան պայմանագրութիւն մը առաջարկել Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին, որպէսզի ստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը:
Ըստ իտալական «Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթին, Ա. Սէ. Միլան պատրաստ է 46 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին տարեկան 4 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը առաջարկել:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ետք, Քոնթէ իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: