Մարզական

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Յաղթեց Լիվըրփուլի` «Էնֆիլտ»-ի Մէջ

Ուէյն Ռունի (աջին) Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց երկրին երկու հսկաները` Լիվըրփուլը եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Եունայթըտի յաղթանակով, 1-0 արդիւնքով: «Էնֆիլտ»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ էին շուրջ 44 հազար հանդիսատեսներ, Ուէյն Ռունի նշանակեց մրցումին միակ կոլը (78-րդ): Նշենք, որ Ռունի վերջին անգամ այս դաշտին...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ռուսիայէն

Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ սկսաւ 2016-ի զարգացման բաժակի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիայէն: Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ վաղը` մրցելով Իսրայէլի դէմ:  

Ըմբշամարտ. Ռաֆիք Մանուկեան Ոսկիէ Մետալի Տիրացաւ

ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Ռաֆիկ Մանուկեան Թախթիի բաժակի միջազգային 36-րդ մրցաշարքին տիրացաւ ոսկիէ մետալին: 80 քկ դասակարգին մէջ հայ ըմբիշը աւարտականին առաւելութեան հասաւ իրանցի Ֆալահ Մեհտիի նկատմամբ: Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Թեհրանի մէջ (Իրան): Նախքան Մանուկեանի` ոսկիէ մետալին տիրանալը, Արտակ Յովհաննիսեան 61 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին:

«Լա Լիկա». Պարսելոնա 6-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Աթլեթիքօ Պիլպաոն. Ռէալ Մատրիտ Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ` Յաղթական

Լուիս Սուարեզ (ձախին) եւ Նէյմար Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, առաջին երեք դիրքերը գրաւողները` Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ, յաղթանակներ արձանագրեցին, ինչ որ դասաւորման պատկերը եւ անոնց միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը պահեց անփոփոխ: Պարսելոնա, որ մրցում մը նուազ կատարած է, 6-0. արդիւնքով ջախջախեց Աթլեթիքօ Պիլպաոն: Լուիս Սուարեզ հեթրիք մը իրագործեց (47-րդ, 69-րդ եւ 82-րդ),...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Կրեց Տարեշրջանի Իր 4-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Ցարդ ամէնէն շատ յաղթանակը (37) արձանագրած Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը (ցարդ ամէնէն քիչը), երբ տեղի տուաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզի դիմաց` 114-89 արդիւնքով: Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Սթեֆըն Քարի նշանակեց 38 կէտ (շաբաթավերջի մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը): Անոր ետին երկրորդ ամէնէն շատ կէտը նշանակեց...

Ռէալ Մատրիտ Հետաքրքրուած` Վոլֆսպուրկի Յետսապահ Ռիքարտօ Ռոտրիկեզով

Ըստ ԱՍ-ի կողմէ հրապարակուած լուրին, Ռէալ Մատրիտ դարձեալ հետաքրքրուած է Վոլֆսպուրկի յետսապահ Ռիքարտօ Ռոտրիկեզով: Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստին հրաժարագինը թէեւ կը կազմէ 35 միլիոն եւրօ, սակայն Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ արագացնել անոր փոխանցման աշխատանքը, հակառակ անոր որ մայրաքաղաքի կազմը յառաջիկայ երկու փոխանցումներուն չի կրնար իր կազմին ոեւէ մարզիկ միացնել` ՖԻՖԱ-ին կողմէ կախակայուած ըլլալուն պատճառով:  

Մովսիսեան Փոխ Տրուեցաւ Սոլթ Լէյք Սիթիին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Սոլթ Լէյք Սիթիի հետ, յայտնեց անոր ակումբը` ռուսական Սպարտակ Մոսկուան: Ան մինչեւ 1 դեկտեմբեր 2016 ելոյթ պիտի ունենայ ամերիկեան ֆութպոլի կազմին հետ: Նշենք, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Նշմար. Չորրորդ Յաղթանակին Ականատես Ըլլալու Մեծ Ակնկալութեամբ

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ցարդ արձանագրած է յաջորդական երեք յաղթանակ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին: Տարեշրջանին նախօրեակին աշխատանք տարուեցաւ եւ մեծ ճիգ ի գործ դրուեցաւ, զօրաւոր կազմ մը պատրաստելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ ախոյեանութեան համար պայքար մղել մնացեալ խումբերուն հետ` հաւասարէ-հաւասար: Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները լաւագոյն փաստն են, որ ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ. Վաղը` Սաժես – Պիպլոս

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական երկու ճակատումներ: Այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ իր մրցումը կը կատարէ Մանարայի մէջ, ժամը 16:00-ին` հիւրը ըլլալով Ռիատիի: Իսկ վաղը դարձեալ ժամը 16:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: ՀՄԸՄ ցարդ կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, Ռիատի եւս, որ ցարդ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 13-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Մաթարը

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տպաւորիչ կերպով սկսաւ ախոյեանութիւնը, երբ 13-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) ջախջախեց իր մրցակիցը` Մաթարը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Շարքի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ կիրակի, 24 յունուարին,  ժամը 14:15-ին, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, Նսուր Ալէյի դէմ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական մրցումներ, որոնք բնականաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Շաբաթավերջի կարեւորագոյն մրցումներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ վաղը` «Էնֆիլտ»-ի մէջ, ուր Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Իտալիոյ մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Ա. Սէ. Միլան պիտի հիւրընկալէ Ֆիորենթինան: Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ...

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Առաջին` 3,5 Կէտով

Աղջկանց մրցումներէն Երէկ, ուրբաթ, 15 յունուարին, տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց 76-րդ եւ աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տղոց ախոյեանութեան, Զաւէն Անդրէասեան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 3,5 կէտ` առաւելութեան հասնելով Յովհաննէս Գաբուզեանի նկատմամբ: Սամուէլ Տէր Սահակեան յաղթեց Արման Միքայէլեանին, Մանուէլ Պետրոսեան` Տիգրան Պետրոսեանին, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Նորայր Թորոսեանին իսկ Լեւոն Բաբուջեան` Կարէն Գրիգորեանին: Աղջկանց մրցումներուն, յաղթանակներ...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ – «Ատիտաս»` 800 Միլիոն Եւրօ Համաձայնագիր

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւնը պիտի ըլլայ «ԱՏԻՏԱՍ»-ը: Երկու կողմերուն միջեւ այդ համաձայնութիւնը պիտի արժէ 800 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ «ԱՏԻՏԱՍ»-ի եւ «ՆԱՅՔԻ»-ի միջեւ այս պայքարէն յաղթական դուրս եկաւ գերմանական ընկերութիւնը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ գարնան գործարքին մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարուի:

Հենրիխ Մխիթարեան` Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հաւաք կատարող Պորուսիա Տորթմունտ, երէկ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ժէոնպուք Հիունտայ Մոթորզի դէմ (Հարաւային Քորէա) եւ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած կոլի փոխանցումէն ետք Կոնցալօ Քասթրօ` նշանակելով երկրորդ կոլը (42-րդ), արդիւնքը վերածեց 2-1-ի: Տորթմունտի առաջին կոլը նշանակեց Մարքօ Ռէօս (4-րդ), իսկ...

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 53 Կէտ

Ճիմի Պաթլըր (աջին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց մրցումներ, որոնցմէ երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք: Ֆիլատելֆիայի մէջ Շիքակօ Պուլզ երկարաձգումէն ետք յաղթեց դաշտին տիրոջ` Սիքսըրզի, 115-111 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 53 կէտ: Երկարաձգումէն ետք աւարտած երկրորդ մրցումին Թորոնթօ Ռեփթըրզ 106-103 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին, վերջինին դաշտին վրայ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Օրլանտօ Մեճիք...

Սփալեթթի Փոխարինեց Կարսիան

Լուչիանօ Սփալեթթի Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, Ա. Էս. Ռոմա յայտարարեց, որ Լուչիանօ Սփալեթթի երկրորդ անգամն ըլլալով ստանձնեց ակումբին մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով Ռուտի Կարսիան, որ անցնող քանի մը օրերուն պաշտօնանկ եղաւ: 56 տարեկան Սփալեթթի 2005-2009 ժամանակամիջոցին եղած է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ: Ան եղած է նաեւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի մարզիչ ալ եւ անոր հետ երկու անգամ հանդիսացած Ռուսիոյ ախոյեան: Քալչիոյի մրցումներուն պայքար...

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին Որոշումները

Իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին տուաւ շարք մը որոշումներ: Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ Նատուա Քամաթիէին, որ իր մասնակցութիւնը բերէ 2-12 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք Արաբական 3-րդ աղջկանց խաղերուն: Յայտարարուեցաւ, որ մարզիկներու փոխանցման վերջին օրն է 15 յունուարը, որմէ ետք մարզիկներու փոխանցումները կը դադրին: Պայման է սակայն, որ անոնց ակումբները, ֆետերասիոնին վճարած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս 20 Կէտի Առաւելութեամբ Յաղթեց Թատամոնին (75-55)

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը: Հուփս, որ կրած էր երկու պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 75-55 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը (14-20, 28-31, 47-44 եւ 75-55): Ինչ կը վերաբերի Թատամոնի, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Հուփսէն Ալի Մըզհեր...

Մխիթարեան` «Պունտըսլիկա»-ի Առաջին Կէսին Լաւագոյն Աջ Միջնապահը

«Պունտըսլիկա»-ի պաշտօնական կայքը քուէարկութեամբ ընտրեց առաջին կէսին (երթի մրցումներուն) խորհրդանշական հաւաքականը: Աջ միջնապահի դիրքին քուէարկութեան դրուած էին Հենրիխ Մխիթարեանի, Լըրոյ Սանէի (Շալքէ), Քինկսլի Քոմանի (Պայէրն Միւնիխ) եւ Ռաուլ Պոպատիլիայի (Օկզպուրկ) անունները: Մխիթարեանի ի նպաստ քուէարկեց մասնակիցներուն 62 առ հարիւրը: Այս արդիւնքին շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահը ընդգրկուեցաւ այդ խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:  

ՖԻՖԱ-ն Պաշտօնապէս Հաստատեց Ռէալ Մատրիտի Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մարզիկներու Փոխանցման Արգելքը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ մարզիկներու փոխանցման գծով իրաւունք չունին երկու ժամանակամիջոցի (այսինքն` մարզիկներու փոխանցման սակարանին մէջ) մարզիկներ միացնել իրենց կազմերուն, որովհետեւ անոնք խախտած են օրէնքը, որ անոնց չէր թոյլատրեր 18 տարեկանէն վար ոչ սպանացի մարզիկներ միացնել իրենց կազմերուն: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք մինչեւ յուլիս 2017 որեւէ մարզիկ չեն կրնար միացնել իրենց...

Page 1145 of 1276 1 … 1,144 1,145 1,146 … 1,276

Արխիւներ