ArmSport.am հաղորդեց, որ Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ սկիզբ առաւ Հայաստանի տղոց 76-րդ եւ աղջկանց 71-րդ ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի գործող ախոյեան Կարէն Գրիգորեան Ա. հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց Յովիկ Հայրապետեանէն, մինչ Արման Փաշիկեան յաղթեց Սամուէլ Տէր Սահակեանին:
Պարտութիւն կրեց նաեւ Տիգրան Պետրոսեան` Ռոպերթ Յովհաննիսեանէն: Հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Լեւոն Փափուջեան – Մանուէլ Պետրոսեան հանդիպումը:
2-րդ հանգրուանին Նորայր Թորոսեան յաղթեց Լեւոն Փափուջեանին, իսկ Արման Միքայէլեան` Յովհաննէս Գաբուզեանին:
Հաւասարութեամբ աւարտեցան Արման Փաշիկեան – Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Կարէն Գրիգորեան – Զաւէն Անդրէասեան, Յովիկ Հայրապետեան – Տիգրան Պետրոսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան – Մանուէլ Պետրոսեան հանդիպումները:
Նշենք, որ տղոց ախոյեանութեան զուգահեռ սկսան աղջկանց հանդիպումներն ալ: