ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 2016-ը աննախադէպ տարի մը պիտի ըլլայ հայկական պասքեթպոլին համար, որովհետեւ միանգամայն 4 հաւաքականներ պիտի մասնակցին Եւրոպայի տարբեր տարիքային ախոյեանութիւններու:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը կը տեղեկացնէ, որ 22 յունուարին Միւնիխի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը եւ պիտի յստականան Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին մրցակիցները:
Նշենք, որ Եւրոպայի փոքր երկիրներու այս ախոյեանութեան կը մասնակցին հետեւեալ 12 երկիրները. Հայաստան, Ազրպէյճան, Անտորրա, Ճիպրալթար, Մալթա, Մոլտովա, Մոնաքօ, Նորվեկիա, Սան Մարինօ, Կալես եւ Սկովտիա:
Հայաստանի տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 15-24 յուլիսին:
5 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Հայաստանի տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մասնակցի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Անոր կը մասնակցին 10 խումբեր:
Վերջապէս, Հայաստանի աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մասնակցի Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Վերջինիս կը մասնակցին 6-8 հաւաքականներ: