
«Սփորթմիտիասեթ»-ի համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլանի 16 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումայով եւ կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար իտալական ակումբին առաջարկած է 40 միլիոն եւրօ:
Անգլիական ակումբը այժմէն իսկ սկսած է նոր բերդապահի մը փնտռտուքի աշխատանքներուն` նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք սպանացի բերդապահ Տաւիտ տէ Ժէա կրնայ միանալ Ռէալ Մատրիտի:
Այս տարեշրջանին Տոնարումա իր մասնակցութիւնը բերած է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11 մրցումի իր բերդին մէջ ստանալով 9 կոլ:


