
Լուսանկարը Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Երէկ կէսօրին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Մրցումներուն թուականը, ժամը եւ դաշտը պիտի յստականան աւելի ուշ:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ռասինկ – Ահլի Նապաթիէ
Շապապ Ղազիէ – Իժթիմահի
Նըժմէ – Սալամ Զղարթա
Թրիփոլի – Ախա Ահլի Ալէյ
Նեպի Շիթ – Ահտ
Ամալ Մաարաքէ – Շապապ Սահել
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Սաֆա
Սաժես – Անսար