
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպեթ Շիահը:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով` 85-44 արդիւնքով (25-6, 15-8, 15-14 եւ 30-16):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական յաջող խաղարկութիւն մը ցուցադրեց իր համակիրներուն ներկայութեան, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հետ քաջալերեցին իրենց կազմը:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց նշանակած կէտերը).
Այտա Պախոս (13), Մեղրի Թորոսեան (7), Լէյլա Ֆարես (26), Նաթալի Սվաճեան (22), Ճոյս Սալիպա (12), Մակի Զաքարեան (3), Լալիկ Աղասարգիսեան (2), Փալիկ Սեմերճեան, Ալին Ժալեան, Ալին Թանկուքեան, Քաթերին Հաժ եւ Ֆէյ Փրենս:
Իր կարգին, երէկ յաղթանակ արձանագրեց Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ 71-37 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մութթահետը: