Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր ասպարէզը պիտի շարունակէ թրքական Պեշիքթաշի մէջ:
«Էն. Թի. Վի. Սփոր»-ի փոխանցումով, թրքական ակումբը համաձայնութեան եկած է 25-ամեայ ֆութպոլիստի տեղափոխութեան հարցին մէջ: Աղբիւրին համաձայն, Օզպիլիս երէկ պիտի մեկնէր Թուրքիա եւ ստորագրէր 4,5 տարուան պայմանագիր: