Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 24 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ կը մրցի Նսուր Ալէյի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Քֆարշիմայի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը, որ տարեշրջանի բացման մրցումին 13-0 արդիւնքով ջախջախեց Մաթարը: