31 յունուարէն 12 փետրուար Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի, կը յայտնէ ArmSport.am:
Այս հաւաքէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի հաւաքականը Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի 12-14 փետրուարին տեղի ունենալիք մրցաշարքի մը:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղտադեան ուսումնամարզական այս հաւաքին եւ միջազգային մրցաշարքին համար նկատի առաւ հետեւեալ 14 ըմբիշները:
Գարիկ Բարսեղեան, Գառնիկ Մնացականեան (57 քկ), Վոլոդիա Ֆրանգուլեան (61 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ), Վալթեր Մարգարեան (70 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան, Վարուժան Կաջոյեան (74 քկ), Մուսա Մուրթազալիեւ, Շամիր Աթեան, Հաճիմուրատ Նուրմուգամետով, Սարգիս Յովսէփեան (86 քկ), Էտկար Ենոքեան, Անդրանիկ Գալստեան (97 քկ) եւ լէոն Բերիանիցէ (125 քկ):
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը աւելցուց, որ Բաղտադեանի օգնական մարզիչներ պիտի ըլլան Յովսէփ Յովսէփեան եւ Յաբեթնակ Կուրղինեան:
Մրցաշարքին ընթացքին խումբին կը միանայ նաեւ միջազգային կարգի իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան:
Նշենք, որ ըստ Բաղտադեանի, Քիեւի մէջ պիտի որոշուի 8-13 մարտին, Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին կազմը: