Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 22 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Շեպիպէի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսելու եւ առաջին յաղթանակը արձանագրելու նպատակով, այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի վճռական ձեւով դաշտ ներկայանալ` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը եւ լաւապէս գործադրելով իրենց մարզիչին ցոյց տուած ցուցմունքները:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ «Աղբալեան» մարզահամալիր եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել ՀՄԸՄ-ը:
Ա. հանգրուանը կ՛աւարտի կիրակի, 24 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – Ռիատի մրցումը:
Նշենք, որ աղջկանց բացման մրցումին, երէկ Շապապ Արապի 48-42 արդիւնքով յաղթեց Հուփսի` վերջինիս դաշտին վրայ կատարուած մրցումին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, երէկ գիշեր աւարտեցաւ 5-րդ հանգրուանը, երբ Լուէյզի իր դաշտին վրայ 70-62 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաժեսէն:
Այսպիսով, Սաժես արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին, մինչ Լուէյզի կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Սաժես նշանակեց 13 թրի փոյնթ (32 փորձերէ ետք), մինչ Լուէյզի` ոչ մէկ թրի փոյնթ (15 փորձերէ ետք):
Նշենք, որ այսօր որեւէ մրցում չկայ: