Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դէպի Յաղթանակ, Դէպի Տիտղոս

Յունուար 22, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԵՐԵՆԵԱՆ

12583623_10153905043934429_60783350_n

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը եղաւ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ աւարտական մրցումը, երբ Ռիատի Պէյրութ ճակատագրական` 5-րդ ճակատումին միայն կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ եւ հանդիսանալ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեան:

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով բոլորիս ալ յիշողութեան մէջ դրոշմուած կը նկատենք այն, որ այդ վերջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, պայքարի մեծ ոգիով մը կատարեցին իրենց այդ մրցումը, բայց պէտք է ըսել, որ բախտը ըլլալով Ռիատիի կողքին, դժբախտաբար պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ-ի երազը իրականութիւն չդառնայ:

Այժմ այդ էջը գոցուած է եւ ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին կը բացուի նոր էջ մը, նոր յոյս մը, նոր տարեշրջան մը:

Եկէ՛ք, աղջիկնե՛ր, այս տարին վերածենք ախոյեանութեան տիրանալու տարիի:

Թէեւ ճամբան երկար է, եւ բաւական աշխատանք ունինք կատարելիք, բայց եւ այնպէս, ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէք տիտղոսին տիրանալու համար:

Ատոր կը սպասենք բոլորս, համակիրներ եւ պատասխանատուներ:

Վստահ ենք, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէք տարեշրջանը աւարտելու համար առաջին դիրքին վրայ, մանաւանդ որ դուք ունիք այնպիսի եզակի համակիրներ, որոնք յաջողութեան կամ ձախողութեան պարագային միշտ կ՛ըլլան ձեր կողքին եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ խիտ շարքերով կը քաջալերեն ձեզ:

Եկէ՛ք, աղջիկնե՛ր, բոլորս միասին, այս տարին հռչակենք ախոյեանութեան տարի` վստահ գիտնալով այն, որ ձեր եւ մեր նպատակը մէկ է`

ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ,
ԴԷՊԻ ՏԻՏՂՈՍ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նշմար.  Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…
Մարզական

Նշմար. Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…

Մայիս 15, 2025
Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ
Մարզական

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ

Մայիս 15, 2025
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Փայլուն  Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փայլուն Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?