
Շաբաթ, 23 յունուարին, Երեւանի ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց 76-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Զաւէն Անդրէասեան:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Ռոպերթ Յովհաննիսեան (7,5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Արման Փաշիկեան (6,5 կէտ), որ լրացուցիչ կէտերով շրջանցեց Սամուէլ Տէր Սահակեանը:
Նշենք, որ 26 տարեկան Զաւէն Անդրէասեան, որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան, մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականին: