
Հայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ արժանթինեան Արսենալ խումբին հետ, որ մաս կը կազմէ այդ երկրի բարձրագոյն ախոյեանութեան:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛աւելցնէ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին հետ Արսենալ 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց:
Նշենք, որ Պօղոսեանի նախկին խումբը Սերոն էր (Ուրուկուէյ):
ArmSport.am նաեւ կը յայտնէ, որ 2012-ին երկրին ախոյեան հանդիսացած Արսենալ նախորդ տարեշրջանին 30 խումբերուն մէջ գրաւեց 28-րդ դիրքը:
Արժանթինի նոր ախոյեանութիւնը կը սկսի 8 փետրուարին:


