«Ֆութպոլի զարգացման բաժակ-2016»-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը յաղթանակով աւարտեց իր ելոյթները Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա):
10-12 դիրքի մրցումին իր կատարած մրցումին Արթուր Ոսկանեանի կազմը փենալթիներով (7-6) յաղթեց Մոլտովայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Կոլի հեղինակ դարձաւ Ալպերթ Մնացականեան:
Այսպիսով, Հայաստան, որ կատարեց հինգ մրցում, արձանագրեց յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրեց երեք պարտութիւն: