Արհեստավարժ կռփամարտի միջին կարգի աշխարհի ախոյեան, Գերմանիան ներկայացնող հայ Արթուր Աբրահամ իր տիտղոսը պաշտպանելու համար իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 9 ապրիլին` մեքսիքացի Խիլներթօ Ռամիրեզի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Յայտարարուեցաւ, որ այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգին Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ: