
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի դարձի մրցումները:
Ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ թիւին մէջ, Պայէրն Միւնիխ բացման մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Համպուրկին` Ռոպերթ Լեվանտովսքիի նշանակած կոլերուն շնորհիւ (37-րդ փենալթիով եւ 61-րդ): Համպուրկի կոլը եւս նշանակեց Պայէրնի մարզիկ Զապի Ալոնսօ (53-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Ինչ կը վերաբերի Պորուսիա Տորթմունտի, անիկա եւս օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրեց` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը:
Ա. կիսախաղին Մարքօ Ռէօս նշանակեց Տորթմունտի եւ մրցումին առաջին կոլը (41-րդ):
Տորթմունտի այդ երեք կոլերուն արձանագրումին մէջ անմասն չմնաց նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 51-րդ վայրկեանին Մարքօ Ռէօսի փոխանցումէն ետք նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Տորթմունտի երրորդ կոլը նշանակեց Իլքայ Կէօնտողան (75-րդ), փոխանցում մը ստանալէ ետք Մխիթարեանէն: