Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Քրիսթալ Փալաս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Թոկոյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Էմանուէլ Ատեպայորը, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը մաս պիտի կազմէ լոնտոնեան խումբին:
Այսպիսով ան դարձեալ կը վերադառնայ Անգլիա, երբ սեպտեմբեր 2015-ին երկկողմանի յարաբերութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց Թոթենհամի հետ:
31 տարեկան Ատեպայոր, որ պիտի կրէ թիւ 25 մարզաշապիկը, նախապէս մաս կազմած է Մեսի, Մոնաքոյի, Արսենալի, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Ռէալ Մատրիտի:
Նշենք, որ ան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ցարդ նշանակած է 96 կոլ: