Երէկ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը Պէյրութէն մեկնեցաւ Անտորրա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու տարեկան դահուկարշաւի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի հաշուապահ Թուֆիք Տահեր: Իսկ մարզիկներն են` Լուքա Քէյրուզ, Լիւսիեն Քէյրուզ, Մարիա Իսա, Ամալ Հուպիշ, Անիաս Քէյրուզ, Ժան Քէյրուզ, Մանուն Օուէյսի, Վալերիա Քալասի եւ Սարա Լէոն:
Իսկ անոնց մարզիչներն են` Լոպոս Պոզիլա եւ Քրիսթօ Տուրուվիք:
Լիբանանցի մարզիկներուն համար այս ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւրոպական երկիրներէ եկած մեծ թիւով մարզիկներ: