Ռէալ Մատրիտի հիմնական մարզիկներէն Կերըթ Պէյլ գրեթէ ապաքինելու ընթացքին մէջ է իր ստացած վնասուածքէն ետք` նկատի ունենալով, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ է եւ սկսած իր փորձերուն, սակայն առանձին` անհատական ծրագիրով:
26 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վիրաւորուեցաւ Սփորթինկ Խիխոնի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին մասնակցի Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: