
«Քալչիօ»-ի մէջ մնալու համար պայքար մղող Փալերմօ յայտնեց, որ Ճիովանի Թետեսքօ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Ան այսպիսով դարձաւ այս տարեշրջանի չորրորդ անձը, որ կը նշանակուի Փալերմոյի մարզիչ:
Փալերմօ նախորդ նոյեմբերին պաշտօնանկ ըրաւ Ճիուզեփփէ Լաքինին, որ երկու տարի իր պաշտօնին վրայ մնալէ ետք փոխարինուեցաւ Տաւիտ Պալլարտիով: Վերջինս այս ամսուան սկիզբը պաշտօնանկ եղաւ 7 մրցում ետք:
10 յունուարին թէեւ արժանթինցի Կիլերմօ Պարոս Սքելոթթօ նշանակուեցաւ մարզիչ, սակայն չկրցաւ իր պաշտօնը ստանձնել, որովհետեւ «Սերի – Ա.»-ի մարզիչի ճշգրիտ արտօնագիր չունէր:
Նշենք, որ Փալերմոյի նախագահ Մաուրիցիօ Զամփարինի այսպիսով 13 տարուան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ունեցաւ իր 30-րդ մարզիչը:


