Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, Շապապ Արապի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 58-49 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անդրանիկ Պէյրութը:
Իսկ երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, որ 89-32 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մութթահետը:
Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ 20-10 յառաջանալով Ա. կիսախաղը աւարտեց 43-16 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրին արդէն իսկ կէտերու տարբերութիւնը աւելի բարձրացաւ (66-29), որմէ ետք, արդէն իսկ մրցումը աւարտեցաւ Մութթահետի մեծ պարտութեամբ` 89-32 արդիւնքով:
Այս մրցումին ներկայ էին ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մեծաթիւ եղբայրներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին քաջալերելու ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Լէյլա Ֆարես (18), Ճոյս Սալիպա (17), Ֆէյ Փրենս (12), Մեղրի Թորոսեան, Այտա Պախոս (11-ական), Նաթալի Սվաճեան (9), Մակի Զաքարեան (7), Քաթարին Հաժ եւ Լալիկ Աղասարգիսեան (2-ական):