Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր ակումբը` Սպարտակ Մոսկուան լքելով պայմանագրութիւն մը ստորագրեց թրքական Պեշիքթաշ ֆութպոլի ակումբին հետ:
Սակայն ան իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէ կարճ ժամանակ ետք փոխ տրուեցաւ սպանական Ռայօ Վայեքանոյին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ին:
Ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի մնայ Ռայօ Վայեքանոյի հետ, որ այս շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով մրցում ունի կատարելիք Տեփորթիւօ Քորունայի դէմ: