Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 27 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մեկնի հիւսիս, ուր «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիաս տպաւորիչ ձեւով սկսաւ ախոյեանութիւնը` 85-44 արդիւնքով յաղթելով Շեպիպեթ Շիահի, մինչ Մութթահետ 71-37 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Պէյրութէն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր արձանագրել իրենց երկրորդ յաղթանակը:
Նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ այլ մրցում մըն ալ, երբ Մանարայի դաշտին վրայ Շապապ Արապի երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը: Երկու կազմերն ալ յաղթանակ արձանագրած են:
Հուփս – Պիպլոս` 84-58
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս 84-58 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պիպլոսը, որ այսպիսով կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը (անիկա արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ), մինչ Հուփս յաջորդական երկու պարտութիւն կրելէ ետք արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: