
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արարատ երէկ իր կազմին միացուց յետսապահ Սերկէյ Աւագիմեանը, յայտնեց հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am:
Նշենք, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը, որուն նախկին ակումբն էր Պայքալը (Ռուսիա), Երեւանի միացաւ Սոչիի մէջ անոր կատարելիք ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին:


