Sport.es կայքին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես առաջարկ մը ներկայացուցած է Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին` ըսելով, որ եթէ ան միանայ իր կազմին, տարեկան պիտի գանձէ 35 միլիոն եւրօ, այսինքն` Պարսելոնայէն իր գանձած գումարին կրկնապատիկը:
Բացի ատկէ, Ռէալ տեղափոխուելու պարագային ան պիտի ստանար յաւելեալ 30 միլիոն եւրօ գումար մը:
Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ գործող պայմանագիրով 23 տարեկան յառաջապահին հրաժարագինը կը կազմէ 190 միլիոն եւրօ:
Կը կարծուի նաեւ, որ եթէ Նէյմար միանայ արքայական խումբին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պիտի միանայ այլ խումբի մը: