Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի աշխատավարձը բարձրացաւ եւ շուէտացի ֆութպոլիստը դարձուց երկրին ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկը:
2015-ի աւարտին ան կնքեց նոր համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ան ամսական պիտի ստանայ 1,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ (առանց տուրքերու` 1 միլիոն եւրօ):
Նշենք, որ ան նախապէս կը ստանար 800 հազար եւրօ: