Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Վարտարի միջնապահ Արտակ Դաշեան, որ այս օրերուն Վարտարի հետ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէր Անթալիոյ մէջ, երէկ ստիպուած եղաւ վերադառնալ Սքոփյէ, յայտնեց մակեդոնական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Հայ ֆութպոլիստը, որուն ոտքին մէջ թեթեւ բորբոքում մը յառաջացած է, եթէ շուտ ապաքինի դարձեալ պիտի վերադառնայ Անթալիա` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբին ուսումնամարզական հաւաքը պիտի տեւէ մէկ ամիս:
Կը նախատեսուի, որ Վարտար Թուրքիոյ մէջ 8 ֆութպոլի բարեկամական մրցում կատարէ: