Football-Italia.net կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլան իր պայմանագրութիւնը խզեց Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նայճըլ Տը Եոնկին հետ:
Կը նշուի, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի տեղափոխուի Լոս Անճելըս Կալաքսի:
Նշենք, որ ան 2012-ին Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուած էր Ա. Սէ. Միլան: