
«Զոն» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց փինկ փոնկի 2015-ի մրցանակակիրները:
Անոր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով անձեր, մարզական ֆետերասիոններու նախագահներ, յատուկ հրաւիրեալներ, մարզիկներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Այս հանդիսութիւնը հովանաւորող Ուատիհ Ապսի, նախորդ տարիներուն իր կատարած յայտարարութիւններուն նման կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մարզաշխարհը հեռու պահուի քաղաքական հաշիւներէ, բան մը, որ բառին բուն առումով չի գործադրուիր, որովհետեւ քաղաքականութիւնը միջամուխ կ՛ըլլայ մարզական կեանքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որմէ ետք կատարուեցաւ կարկանդակի հատում: