Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, 2014-ի աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան ոսկի մետալի տիրացաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի 34-րդ միջազգային մրցաշարքին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայ ըմբիշը կատարեց 4 գօտեմարտ: Ան յաջորդաբար արձանագրեց 8-0, 4-0 եւ 3-0 արդիւնքով յաղթանակներ մինչեւ աւարտականին հասնիլը, ուր յաղթեց նաեւ վրացի իր մրցակիցին` Մինտա Ծուլուկիծէին, 3-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արամ Ջուլֆալակեան (66 քկ):