Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանցի վազող Շիրին Նըժէյմ ապահովեց 2016-ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
Այս ուղղութեամբ Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը, առաջինին կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին յատուկ ժողով մը` օժանդակելու համար Նըժէյմին, որպէսզի ան յատուկ փորձեր կատարէ` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար Պրազիլի մէջ:
Պատրաստուեցաւ յատուկ «փորձի ծրագիր» մը, որպէսզի ան կանոնաւոր փորձեր կատարէ` Պրազիլի մէջ լաւ արդիւնքներ արձանագրել կարենալու եւ բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը:
Այս առիթով Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, որ այս գաղափարը յղացաւ Շիրին Նըժէյմին օգտակար հանդիսանալու համար: