
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը երէկ յաղթեց Սալամ Պասաթինի` 3-0 արդիւնքով: Կոլերը նշանակեցին Համբի Թերզեան, Սամուէլ Պօղոսեան եւ Արաբօ Անտոնեան:
Երրորդ յաջորդական յաղթանակը տանելով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այժմ կը գրաւէ առաջին դիրքը:


