Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի տղոց ախոյեանի տիտղոսը 6-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Տիոքովիչ, որ շուրջ 3 ժամ տեւած աւարտականի մրցումին 6-1, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Էնտի Միւրէյի: 28-ամեայ սերպ մարզիկին նուաճած տիտղոսներուն թիւը հասաւ 11-ի: