Ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, երէկ Ալաշկերտ Երեւան մեկնեցաւ Անթալիա` 24 ֆութպոլիստներով, յայտնեց ArmSport.am:
Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբին այս հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 10 փետրուար:
Այս հաւաքին ընթացքին Ալաշկերտ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում` հունգարական Շիոֆոք (6 փետրուար) եւ Սորոքսար (10 փետրուար) խումբերուն դէմ: