«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Ռոպերթօ Քարլոս աշխատանքի անցաւ արքայական ակումբին հետ:
Թէեւ պրազիլցին պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ, սակայն հաստատեց, որ աշխատանքի սկսաւ Ռէալի պահեստներու խումբին հետ:
Նախքան այս լուրին հրապարակումը կը խօսուէր, որ ան շատ հաւանաբար ընդգրկուի Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի մարզչական խմբակին մէջ:
Սակայն, ըստ սպանական մամուլին, Զիտան գոհ է իր օգնականներուն աշխատանքէն եւ այլ օգնականի մը կարիքը չունի: