«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չելսիի խմբապետ Ճոն Թերի այս տարեշրջանին աւարտին պիտի հեռանայ իր ակումբէն, երբ իր պայմանագրութիւնը աւարտի լոնտոնեան ակումբին հետ:
35 տարեկան Թերի, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Չելսիի հետ` անոր հետ կատարելով շուրջ 700 մրցում, կը նկատուի ակումբին պատմութեան ամէնէն շատ յաջողութիւն գտած խմբապետը:
Նշենք, որ իր պատանեկութեան ան մաս կազմած է նաեւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի:
Թերի աւելցուց, որ թէեւ պիտի հեռանայ Չելսիէն, սակայն անոր ֆութպոլիստի ասպարէզը վերջ պիտի չգտնէ: