Նախորդ շաբաթավերջին Անթալիոյ մէջ աւարտեցաւ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի թիւ 1 դասուած թենիսվումընը` Անի Ամիրաղեան:
22 տարեկան Ամիրաղեան իր արձանագրած յաջորդական 6 յաղթանակներուն շնորհիւ թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն իր թուրք մրցակիցէն 6-3, 2-6 եւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով աւարտականին, չկրցաւ տիտղոսին տիրանալ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կը կազմէր տասը հազար ամերիկեան տոլար: