Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Չորս Մարզիկներ Նշանակեցին 35-ական Կէտ

Իսայահ Թոմաս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 12 ճակատումներ, որոնցմէ ոմանք եղան տպաւորիչ, մանաւանդ որ տարբեր խումբերու մաս կազմող մարզիկներ նշանակեցին 35-ական կէտ: Այդ մարզիկները եղան Քիրի Ըրվինկ (Քլիվլենտ Քաւալիրզ), Քարլ - Անթոնի Թաունզ (Մինեսոթա Վուլվզ), Քրիս Փոլ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ) եւ Տեմար Տերոզան (Թորոնթօ Ռեփթըրզ): Անոնցմէ մէկ կէտ աւելի նշանակեց Իսայահ Թոմաս, երբ անոր կազմը`...

Ֆինլանտայի Մէջ Բերդապահ Մը Մահացած` Մրցումի Մը Ընթացքին Վիրաւորուելէ Ետք

Իր լուրը քաղելով Aamuposti կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Ֆինլանտայի մէջ դժբախտ պատահար մը տեղի ունեցած է պատանեկան ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին: Արդարեւ, Հիամենլինայի բերդապահը, զարնուելով մրցակից կազմին մէկ յառաջապահին, գլխու վնասուածք մը ստացած է: Թէեւ մարզիկը ուղղակիօրէն փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն անոր կեանքը չեն յաջողած փրկել: Կը նշուի, որ մահացած բերդապահին ակումբը հրաժարած է որեւէ տեղեկութիւն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն – Պայէրն Միւնիխ. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Մարսէյ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Չորս Ճակատումներ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան շարք մը ճակատումներ, որոնք պիտի ըլլան այդ երկիրներուն ախոյեանութեան բացման մրցումները: Սպանիոյ մէջ, 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ ոչ այդքան զօրաւոր ճակատում մը, երբ 16-րդ դիրքը գրաւող Սփորթինկ Խիխոն, ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի հիւրընկալէ Ռայօ Վայեքանոն (15-րդ): Գերմանիոյ մէջ, 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Մայնց-05 (7-րդ) պիտի հիւրընկալէ Շալքէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) Թատամոն հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իր կատարած նախորդ երեք մրցումները բոլորն ալ յաղթանակով աւարտած էր, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 63-49 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-15, 14-15, 11-13 եւ 10-20: Ինչպէս նկատելի է, առաջին երեք քորթըրներուն տեղի...

Քոնկ-Ֆու-Քինտա. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տիրացաւ 3 Առաջնութեան Եւ 1 Երրորդութեան

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, անոր փակ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-Քինտա բաժակի մրցաշարքը, 6-11 տարեկան երկսեռ դասակարգերուն մէջ` հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ: Բաժակի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Պել-Հորիզոն, Նըմուր, Սանթրալ, Պուտտա, Անթունիէ, Շաոլին, Պատի Փաուըր, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ժամհուր: Թէեւ խմբային դասաւորման մէջ յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները պիտի վերսկսին այս շաբաթավերջին` շաբաթ, 13 եւ կիրակի, 14 փետրուար 2016-ին, երկու շաբթուան կիսամեայ քննութիւններու դադարէ ետք, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ` յաջորդաբար: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016 (ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ) ԺԱՄ...

Հայաստանի Մարզական Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերուն

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մարզական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Լիլըհամըր (Նորվեկիա), ուր 12 փետրուարին կը սկսին ձմեռնային պատանեկան երկրորդ ողիմպիական խաղերը: Այդ խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Միքայէլ Միքայէլեան (դահուկարշաւ) եւ Անասթասիա Գալուստեան (գեղասահք), որ խումբին պիտի միանայ Մոսկուայէն (Ռուսիա): ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի մարզական պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մարզական բաժինի նախագահ Գագիկ Բոլշիկեան:...

Փինկ Փոնկ. Նատուա Քամաթիէի Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան` Պէյրութի Օդակայանին Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Լիբանան վերադարձաւ Նատուա Քամաթիէի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը, որ Պէյրութի օդակայանին մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Նատուա Քամաթիէի աղջկանց փինկ փոնկի խումբը, որ Էմիրութիւններուն մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց 3-րդ խաղերուն, տիրացաւ 2 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի: Խմբային մրցումներուն Նատուա Քամաթիէ տիրացաւ ոսկի մետալին, անհատականի մրցումին ոսկի մետալի տիրացաւ Մարիանա Սահակեան, մինչ...

Թենիս. Անի Ամիրաղեան 73 Դիրքով Յառաջդիմեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած աղջկանց նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Անի Ամիրաղեան, նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած, 73 դիրքի վերելք մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 646-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ 22 տարեկան Ամիրաղեան նախորդ շաբաթ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած թենիսի միջազգային մրցաշարքին յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ քառորդ աւարտական: Իսկ Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան մէկ դիրքի նահանջ արձանագրելով այժմ...

Միացեալ Նահանգներ Կրնան Պոյքոթի Ենթարկել «Ռիօ-2016»-ը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս ամրան Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենան «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականի խաղերը: Սակայն այնպէս կը թուի, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին պոյքոթի ենթարկել այս խաղերը` նկատի ունենալով, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ մեծապէս կը տարածուի «Զիքա» հիւանդութիւնը: Նախապէս իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ ամէն ճիգ ի գործ...

Սարգիսով` Կոլի Հեղինակ

Նիժնի Նովկորոտի Վոլքան, որ Սոչիի մէջ հաւաք մը կը կատարէր, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական վերջին մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ամքարի երիտասարդական ֆութպոլի խումբին: Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով, որ մասնակցեցաւ այս մրցումին, նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը, կոլի հեղինակ դառնալէ բացի, ան ի նպաստ իր կազմին շահեցաւ փենալթի մըն ալ, զոր կոլի վերածեց Փեթրով:  

Արտեոմ Խաչատուրով Հեռացաւ Արարատէն

Արտեոմ Խաչատուրով Հեռացաւ Արարատէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Արարատ ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արտեոմ Խաչատուրով, որ նախորդ շաբաթավերջին պայմանագիր մը ստորագրած էր խումբին հետ, այդ պայմանագիրը խզած է իր նախաձեռնութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, Արարատ վերադարձաւ յետսապահ Սիւլէյման Քոնէ (Փղոսկրեայ Ափունք), որ վերջին շրջանին կը մարզուէր Վիթորիա Կիմարաէշի հետ (Փորթուգալ):  

Տենի Ալվես Չինական Ակումբէ Մը Տարեկան 12 Միլիոն Եւրօ Առաջարկ Կը Ստանայ

«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի յետսապահ Տենի Ալվես չինական ակումբէ մը ստացած է տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, թէեւ այդ ակումբին անունը չի նշուիր, սակայն կ՛ըսուի, որ պրազիլցի ֆութպոլիստին առաջարկուած է երեք տարուան պայմանագիր մը` տարեկան 12 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Սակայն այս ուղղութեամբ ո՛չ Ալվես եւ ո՛չ ալ Պարսելոնա յայտարարութիւն կը կատարեն` նկատի ունենալով, որ...

Տորթմունտ Հասաւ Կիսաւարտականին. Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շթութկարթին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ մասնակեցաւ ամբողջ մրցումին, 89-րդ վայրկեանին նշանակեց Տորթմունտի երրորդ կոլը:

Արթուր Եդիգարեան Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ալաշկերտի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան դարձեալ միացաւ Ալաշկերտի եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ երեւանեան ակումբին հետ, յայտնեց Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Թատամոնի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք): ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ իր կատարած երեք մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով, այսօր ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէ արձանագրելու իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը: ՀՄԸՄ-ի...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումները: 2015-2016 տարեշրջանը կ՛աւարտի կիրակի, 17 ապրիլին, երբ տեղի կ՛ունենան 22-րդ հանգրուանի մրցումները: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ   ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ - Ահլի Սայտա 14:15 Պուրճ Համուտ 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ.  ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ախոյեանութիւն. Դարձի Առաջին Երեք Հանգրուաններու Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին երեք հանգրուաններու մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 13 փետրուարին, Սաժես - Հուփս բացման մրցումով: Նշենք, որ դարձի առաջին հանգրուանին Ռիատի Պէյրութ դարձեալ մրցում չունի կատարելիք: Ստորեւ` հրապարակուած յայտագիրին մանրամասնութիւնները. ԴԱՐՁԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ            ԺԱՄ ԴԱՇՏ Սաժես - Հուփս 17:00 Ղազիր ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ  ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Դասաւորման Պատկերը` 8-րդ Հանգրուանէն Ետք. Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Բ. Եւ Դ. Դասակարգերուն Դասաւորման Պատկերը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի եւ Դ. դասակարգի (Գ. խմբակ) 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (որ ցարդ անպարտելի է)` պարագլուխի դիրքը: Ստորեւ կը ներկայացնենք դասաւորման ընդհանուր պատկերը. Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ 1.- Թատամոն Սուր 12 0 0 46 4...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Երթի Մրցումները Աւարտեց 2-րդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) տեղի ունեցաւ Մութթահետ - Հուփս մրցումը: Հուփս, որ այս մրցումը սկսաւ արձանագրելով յաջորդական վեց յաղթանակ, իր ամէն կարելին ըրաւ այլ յաղթանակ մը արձանագրելու, որպէսզի երթի մրցումները աւարտէ 2-րդ դիրքին վրայ: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ մրցումին վերջին երկվայրկեանին, Հուփս կողով մը նշանակելով...

Page 1135 of 1276 1 … 1,134 1,135 1,136 … 1,276

Արխիւներ